2015-12-20 10:01:00

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն` Զ. Կիրակի Յիսնակաց


Յիսնակաց շրջանը Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պատրաստութեան ժամանակն է։ Աշխարհի չորս կողմը քրիստոնեաներ կը պատրաստուին կատարելու խաղաղութեան, լոյսի եւ սիրոյ տօնը։ Բիւրաւոր քրիստոնեաներ սակայն, հալածանքի, ճնշումի, պատերազմի եւ կոտորածի ենթակայ՝ առիթը չունին տօնախմբելու, նուէրներ փոխանակելու, եւ ոչ իսկ ծիսական արարողութիւնները կատարելու։

Ի՞նչն է սակայն՝ որ այդ քրիստոնեաները հաստատուն կը պահէ իրենց հաւատքին մէջ. ի՞նչն է՝ որ մռայլի եւ զրկանքի մէջ յոյս կը ներշնչէ անոնց. ի՞նչպէս անոնք մխիթարութիւն կը գտնեն ի հեճուկս մահուան ստուերին։ Այսօրուան մեր ժամերգութեան շարականը կʼերգէ՝ «Լոյս ճշմարիտ, որ ի Հօրէ առաքեցար, առեր մարմին՝ պարագրիլ ի կուսէն. ոչ մեկնելով յանքնին յէութենէ, Բանդ Աստուած։ Որ անհասդ ես յարարածոց եւ քան զամենայն միտս գերազանց. զոր երկինք ոչ բաւէին տանել՝ յարգանդի կուսին կրեցար։ - Բանդ Աստուած, ճշմարիտ լոյս, որ առաքեցար Հօր կողմէ, մարմին առիր կոյսէն առանց հեռանալու անքինին էութենէդ։»

Քրիստոս ճշմարիտ լոյսն է, կեանք, յոյս եւ յարութիւն։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար՝ ան է մխիթարութիւնը, յոսը եւ զօրութիւնը։ Երբ մենք, այսպէս կոչուած ազատ երկիրներու մէջ, առանց իրաւունքներու կորզումի եւ առանց հալածանքի կը կատարենք Սուրբ Ծննդեան տօնը, ի՞նչն է որ մե՛զ կʼուրախացնէ. ի՞նչն է որ մեզի՛ յոյս կու տայ. ի՞նչը մե՛զ կʼարդարացնէ՝ Սուրբ Ծնունդը՝ սիրոյ, լոյսի եւ խաղաղութեան տօն անուանելու - հալածուած քրիստոնեաներու՞ մխիթարութիւնն է, Քրիստո՞ս է, թէ սովորութիւններ, աւանդութիւններ, նուէրներ, կերուխումներ ...

Պատկերացուցէք Բեթղեհեմի մսուրի առանձնութիւնը, ցուրտը, մերժուածութիւնը։ Ճշմարիտ լոյսը, Աստուած, գերագոյն սէրը, անսահման բարութիւնը, կենսատու արարիչը կը մարդանայ՝ ինծի՛ համար, զի՛ս փրկելու համար, զի՛ս երջանկացնելու համար, զիս կը հրաւիրէ աստուածային խնճոյքին։ Իսկ ի՞նչ է իմ պատասխանս՝ Աստուծոյ սիրոյն այս արարքին։ Աստուծոյ Որդին չի գար իբր հզօր թագաւոր, որուն առջեւ ծունկի պիտի իյնայինք. չի գար իբր զօրավար՝ որմէ պիտի դողահար վախնայինք. չի գար իբր հարուստ՝ որուն առջեւ պիտի քծնէինք։ Այլ իբր տկար մանուկ։ Ահա այդ աստիճանի կը հասնի Աստուծոյ սէրը։

Յիսուս չի բաւարարուիր Բեթղեհեմի այդ խոնարհեցումով, այլ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը գրէ՝ «իր մարդեղութեան օրերուն ուժգին աղաղակով եւ արցունքներով աղօթք ու պաղատանք կը մատուցանէր անոր՝ որ կարող էր զինք փրկել. եւ լսելի կʼըլլար՝ որովհետեւ բարի էր։ Թէպէտ որդի էր, սակայն չարչարանքներով հնազանդութիւն սորվեցաւ։ Եւ երբ վերջացաւ մարդեղութեան ժամանակը՝ բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ դարձաւ։» (Եբր Ե. 7-9) Աստուծոյ Որդիին մարդեղութինը մեր փրկութեան համար է։ Ան յաւիտենական փրկութիւն պիտի շնորհէ իր հաւատարիմներուն։

Ապա Պօղոս Առաքեալ կը շարունակէ՝ թէ Յիսուս այս աշխարհի վրայ կը ներկայանայ իբր «քահանայապետ յաւիտենից»՝ անուանուած Աստուծոյ կողմէ։ (հմմտ. Եբր Ե. 10) Ի՞նչ կը նշանակէ քահանայ, ո՞վ է քահանան։ Սոյն ընթերցուածին մէջ Պօղոս Առաքեալ հետեւեալ տողերով կը բնութագրէ քահանայի պաշտօնը՝ «Ամենայն քահանայապետ ի մարդկանէ առեալ, վասն մարդկան կայ յաստուածակոյս կողմն անդր. զի մատուսցէ պատարագս, եւ զոհս վասն մեղաց։» (Եբր Ե. 1)

Քահանայապետները, որոնք ժողովուրդէն առնուած էին, կը ներկայանային խորանի, սրբութիւն սրբոցի առջեւ, որպէսզի զոհ մատուցանեն մեղքերու քաւութեան համար. որպէսզի Աստուծմէ թողութիւն հայցեն։ Ապա Պօղոս Առաքեալ կը շարունակէ ըսելով՝ «Քահանայապետը կարողութիւն ունի տգէտներու եւ մոլորեալներու հանդէպ հասկացողութիւն ցուցաբերելու, որովհետեւ ինքն ալ տկարութեան ենթակայ է։ Ասոր համար, ինչպէս ժողովուրդի՝ այնպէս ալ ի՛ր անձին համար քաւութեան զոհ պէտք  է մատուցանէ։ Ոչ ոք այս պատիւը անձամբ իր վրայ կʼառնէ այլ միայն աստուածային կոչումով։ Այսպէս ալ Քրիստոս, ինք անձամբ քահանայապետի պատիւը իր վրայ չառաւ, այլ անկէ, որ իրեն խօսած էր՝ իմ որդիս ես դուն, եւ ես այսօր քեզ ծնայ ... Դու ես քահանայ ըստ կարգին Մելքիսեդեկի։» Ահարոնի Քահանայութիւնը ժառանգական էր։ Յիսուսի Քահանայութիւնը՝ «ըստ կարգին Մելքիսեդեկի»՝ ինքնուրոյն քահանայութիւն է, տրուած միայն իրեն։ Յիսուս աշխարհ կու գայ իբր քահանայապետ, ոչ ժողովուրդի քահանաներուն նման զոհեր մատուցանելու. այլ ինքն է զոհը, ան կու տայ ինքզինք, իր մարմինը։

Աստուծոյ Որդին մարդկային մարմին կʼառնէ, ծնելով իբր մանուկ Աստուածածին Կոյսէն. մարդեղութեան օրերը արցունքով կʼանցնէ. եւ կը կատարէ Աստուծոյ կամքը՝ իբր «քահանայապետ եւ պատարագ – քահանայապետ եւ զոհ»։

Երբ կը կատարենք Սուրբ Ծննդեան տօնը, միայն ա՛յս խորհուրդը կրնայ մեր ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ, մխիթարութեան եւ խաղաղութեան ճշմարիտ աղբիւրը ըլլալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.